2014-03-31 13:45:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''հանդիպում Սալեզեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակցիներուն հետ''։


Երկուշաբթի, 31 մարտի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենակի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Մարիօ Զէնարին որմէ ետք ընդունեց “American Bible Society - Սուրբ գիրքի ամերիկեան ընկերակցութեան'' նախագահ` Տիար Սդիվէն Թոտ Կրին, անոր կողակիցն ու անոնց ընկերացող շքախումբը։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապտը ապա ընդունեց Պելկիոյ Կէնդ թեմի Եպիսկոպոս` գերապայծառ Լուքաս Վան Լույ, հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սալեզեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ու անոնց արտասանած իր ճառին մէջ նախ ողջունեց նորընտիր աւագ մեծաւորը` հայր Անկել Ֆերնանտէզ Արթիմէն, անոր ու նոր խորհրդականներուն մաղթելով բարի աշխատանք ի սպաս միաբանութեան ու միաբանութեան խարիզմին։
Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա միաբանութեան հիմնադիր` Տոն Պոսքոյին եւ անոր միաբանութեան յանձնած առաքելութեան ու խօսքը կեդրոնացուց երեք նիւթերու շուրջ` երիտասարդներու աւետարանացումը, երիտասարդներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ու ապա միաբանութեան հասրակական կեանքին։
Երիտասարդներու աւետարանացումը Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Հոգւոյն ձեզի յանձնուած առաքելութիւնն է։ Հարկաւոր է պատրաստել երիտասարդները ընկերութեան մէջ աշխատելու Աւետարանի հոգիին համաձայն, որպէս արդարութեան եւ խաղաղութեան գործիչներ եւ ապրելու որպէս Եկեղեցւոյ դերակատարներ։
Տոն Պոսքոյի ''նախազգուշացումի համակարգը'' ձեզի աջակցի երիտասարդներուն հանդէպ ձեր ունեցած յանձնառումին մէջ – ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը- ու ապա զգուշացուց ''կոչումը'' ''կամաւորական'' մէկ գործին հետ շփոթելու վտանգէն մատնանշելով յառաջիկայ 2015-ին ''նուիրեալ կեանքի'' նուիրուած տարուան ու այս առընչութեամբ ''կոչումներու'' կազմաւորումի կարեւորութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս անգործութիւնը եւ մոլութիւններու հապատակիլը։ Ընդառաջել դժուարութիւններու մէջ ապրոջ երիտասարդներուն կը պահաջէ քաջութիւն, մարդկային հասունութիւն ու յարատեւ աղօթք - ըսաւ Ֆրանչիսկս Պապը ու ապա խօսեցաւ ''հասարակական կեանքի'' եւ խմբային աշխատանքի կարեւորութեան մասին։ Հասարկութեան մէջ ''եղբայրական ապրումը'', հիմնուած յարգանքի, հասկացողութեան, ներումի եւ ուրախութեան վրայ, Աւետարանի մարդկայնական ուժի վկայութիւնն է եւ այս ուղղութեամբ Տոն Պոսքոյի ձեզի յանձնարարած ''ընտանիքի ոգին'' կը սատարէ ''նուիրեալ կեանքի'' մէջ յարատեւութեան հաստատեց Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակելով անդրադարձաւ Տոն Պոսքոյի ծննդեան 200 ամեակին որ պիտի նշուի 2015-ին եւ որ կրնայ հանդիսանալ – ըսաւ Ան - պատեհ առիթ մը վերստին առաջարկելու Հիմնադիրի խարիզմը։
Սրբազան Հայրը հայցեց ապա Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու օրհնեց բոլոր ներկաները անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.